Friday, March 7, 2014

Երկրորդ Մաս - Մեր Աշակերտներուն Թարմ Տպաւորութիւնները

 

  Իմ ամենէն սիրած վայրերէս մէկը եղաւ Տիգրանակերտը, որ Մեծն Տիգրանը շինած էր. հոն ապրած ու նաեւ կռուած էր:

     Սիրեցի նաեւ Շուշիի մէջ գտնուող Հունոտի Կիրճը, ուր ազատամարտիկները ժայռեր մագլցելով, կռուած են Ազերիներուն դէմ եւ ազատագրած Շուշին:

Տիգրան Բալյան
     Ընկերներուս եւ ուսուցիչներուս հետ Հայաստան իմ այցելութիւնս առաջին օրէն ուրախութիւն պատճառեց: Մեր Հայրենիքը իրապէս գեղեցիկ եւ սքանչելի երկիր մըն է եւ կը թելադրեմ որ ամէն հայ այցելէ: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պարոն Րաֆֆիին, Տիկին Յասմիկին եւ մանաւանդ ծնողներուս, որոնք առիթը տուին հայրենիքս տեսնելու:

Քրիստափոր Հատտատ
     Ամբողջ կեանքիս ընթացքին, ծնողներէս եւ ուսուցիչներէս լսած եմ ու սորված հայրենիքիս մասին, բայց վերջապէս կրցայ իմ աչքերովս տեսնել՝ լեռնային, քարերով հարուստ մեր գեղեցիկ հայրենիքը, որ հայկական ոգիս աւելի զօրացուց:

     Հրաշալի է մեր հայրենիքը ու Սուրբ:

Արազ Պէզճեան
      Սքանչելի է ականատես ըլլալ մեր էութեան: Ամէն կողմ կը նայիս ու միայն հայ կը տեսնես: Կախարդական գեղեցկութիւն մը կայ չորս կողմդ մանաւանդ երբ կը քալես ու կը դպչիս այն տեղերն ու իրերը, որ մեր նախահայրերը կերտած են դարեր առաջ:

      Կը մաղթեմ որ ամէն հայ կարողանայ իր հայրենիքը տեսնել:

Արեգ Նազարեան
    Ուրախ եմ ըսելու թէ այս պտոյտը հայրենիքիս մէջ կեանքիս ամենէ լաւ փորձառութիւններէն մէկը եղած է: Ամէն օր կ'այցելենք այն տեղերը որոնց մասին լսած եւ սորված ենք մեր կեանքի ընթացքին:

     Շատ մեծ առաւելութիւն է հայրենիք այցելել իմ սիրելի դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ, որոնք կը ճոխացնեն ամեն մէկ վայրկեան: Վստահ եմ որ պտոյտին յաջորդ կէսը նոյնպէս պիտի ըլլայ յիշատակելի եւ ներշնչող:


Լարա Շավերտեան








Գլաձորի Վարժարանի Աշակերտներուն Հետ

Պարոյր Սեւակի Տունը

No comments:

Post a Comment